2014-09-26 09:32:29

Քրիստոնեայի պատասխանատուութիւնը արդի ընկերութեան մէջ` համամիութենական 7-րդ ընկերային շաբաթ, կազմակերպութեամբ Ուկրանիոյ Լվովի կաթողիկէ համալսարանին։


29 Սեպտեմբերէն - 4 Հոկտեմբեր Ուկրանիոյ Լվով կաթողիկէ համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համամիութենական 7-րդ ընկերային շաբաթուայ տարեկան հաւաքը` ''Քրիստոնեայ պատասխանատուութիւնը արդի ընկերութեան մէջ'' նիւթին մասին։
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ուկրանիոյ եկեղեցւոյ ու ընկերութեան զանազան խաւերու ներկայացուցիչները որոնք պիտի բանակցին քաղաքացիական ընկերութեան պատասխանատուութեան ու Եկեղեցւոյ դերին մասին ի տես ընկերային խոր յեղաշրջումներուն ու ներկայ քաղաքացիական ընդհարումին։
Հաւաքին մասնակցողները պիտի արծարծեն նաեւ հետեւեալ նիւթերը. Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ժառանգութիւնը, համամիութիւնը ու քոյր եկեղեցիներու հետ երկխօսութիւնը։ Ժողովականները հուսկ պիտի խօսին երիտասարդութեան դերին մասին ներկայ ընկերութեան մէջ` ''ձեռնարկող երիտասարդութիւն'' բնաբանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.